2015-09-09 09:41:00

Ֆրանչիսկոսի գաւիթ` ծրագրին ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 14 Սեպտեմբեր 2015-ին, Ս. Աթոռի մամլոյ սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ  ներկայացումը` Ֆրանչիսկոսի գաւիթ` մարդկութիւն, երկխօսութիւն հաւատացեալներու եւ ոչ-հաւատացեալներու միջեւ ծրագրին, նախաձեռնութիւնը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին։

Ժողովը տեղի պիտի ունենայ Ասսիզիի մէջ 23-27 Սեպտեմբեր 2015։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան. Կարդինալ Ռավազի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին, հայր Էնցօ ֆորթունաթօ` տնօրէնը Ասսիզի վանքի մամլոյ սրահին։

Իսկ 15 Սեպտեմբերին  Ս. Աթոռի մամլոյ սրահին տնօրէնը Յիսուսեան հայր Լոմպարտին, Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներուն պիտի ներկայացնէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Քուպա, ԱՄՆ եւ ՄԱԿի Նիւ Եորք Աթոռին կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը Սեպտեմբեր 19-28։








All the contents on this site are copyrighted ©.